2010-07-04 16:07:58

Ռատիովատիկանի տնօրէնի շաբաթական խմբագրականը` Քահանայապետը ու Եկեղեցւոյ հաղորդութիւնը նիւթին մասին։


Ռատիովատիկանի տնօրէնի շաբաթական խմբագրականը` Քահանայապետը ու Եկեղեցւոյ հաղորդութիւնը նիւթին մասին։



Այս վերջին օրերուն, կը գրէ Ռատիվատիկանի տնօրէնը յիսուեան հայր ֆրետերիքօ Լոնբարտին, Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնն ու խօսքը եղան խիտ ու վճռական Եկեղեցւոյ կեանքին համար։ Նշանակալից է որ այդ ներգործութիւններն ու խօսքերը ներշնչուած էին Ս. Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու տօնին։ Սրբազան Հայրը հաւատացեալին կը յիշեցնէ Պետրոս առաքեալին ու անոր յաջորդին դերն ու պարտականութիւնը հաւատքի մէջ հաստատելու եղաբյրները։

Այդ ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետին նախաձեռնութիւններէն մէկը եղաւ հաստատումը քահանայապետական նոր խորհուրդի մը որ ունի որպէս նպատակ վերաւետարանացումը աշխարտհականացումի մէջ ընթացող ժողովուրդներու, ինչպէս է պարագան Եւրոպայի ու ԱՄՆի։

Նորին Սրբութիւնը յաճախ կրկնած է թէ Եկեղեցւոյ մեծ վտանգները ու փորձութիւնները եկած են իր ծոցէն։ Այս օրերուն դուրսէն յարուցուած Եկեղեցւոյ դէմ մղուած թշնամական յարձակումները առիթ կու տան հարթելու ներքին լարուածութիւնները։

Հակառակութեան ու անապահովութեան այս ժամանակին, աշխարհը քրիստոնեաներէն կ'ականկալէ ներդաշնակութեան ու համաձայնութեան վկայութիւն։ Արդարեւ քրիստոնեաները Յարուցեալ Քրիստոսի հետ իրենց ունեցած հանդիպումով կարող են մարդկութեան ցոյց տալ ապագայի ուղիղ ճանապարհը։ Այս են Սրբազան Քահանայապետին զգացումները, անոր վկայութիւնը լոկ աւետարնական է եւ մենք ամէնքս կանչուած ենք անոր հետեւելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.